image

Ատրպէյճանը յայտնած է եւս մէկ արցախցիի ձերբակալման մասին

Ատրպէյճանը յայտնած է եւս մէկ արցախցիի ձերբակալման մասին

Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը ձերբակալած է եւս մէկ արցախցի՝ Մադաթ Բաբայեանը, որուն կը կասկածի իբրեւ թէ, այսպէս կոչուած, «Խոճալուի ցեղասպանութեան» մասնակցելու համար:

Ըստ տեղեկութիւններու՝ ան ձերբակալուած է այս տարուան սեպտեմբերին Արցախի մէջ Պաքուի «հակաահաբեկչական միջոցառումներ»ու (իրականութեան մէջ զանգուածային ռազմական յարձակում ընդդէմ Արցախի-Խմբ.) ժամանակ։

Տեղի լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ հարցաքննութեան ժամանակ Բաբայեանը «խոստովանած է», որ «մասնակցած է Խոճալուի խաղաղ բնակչութեան ջարդերուն»։