image

Ատրպէյճանը ռազմական սարքեր կը կուտակէ Հայաստանի սահմանի երկայնքով. Freedom House

Ատրպէյճանը ռազմական սարքեր կը կուտակէ Հայաստանի սահմանի երկայնքով. Freedom House

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմական լարուածութեան աճի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի վատթարացման լոյսին տակ՝ Freedom House միջազգային հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կազմակերպութեան նախագահ Մայքլ Ապրամովիցը հանդէս եկած է հետեւեալ յայտարարութեամբ.

«Մենք խորապէս անհանգստացած ենք հաղորդագրութիւններէն, որ ատրպէյճանական զինուժը ռազմական սարքեր կը կուտակէ Հայաստանի սահմանի երկայնքով։ Մենք կը դատապարտենք Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի վրայ յարձակման որեւէ ծրագիր եւ կոչ կ'ընենք միջնորդ կողմերուն աշխատելու Հայաստանի սահմաններու հետագայ որեւէ խախտում կանխելու ուղղութեամբ։

Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակումը շրջանի հայ բնակչութեան էթնիք զտումներու վտանգ կը պարունակէ եւ կը սրէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շարունակուող մարդասիրական ճգնաժամը։ Մենք կոչ կ'ընենք Ատրպէյճանի կառավարութեան անկեղծօրէն ներգրաւուելու խաղաղ բանակցութիւններուն մէջ,  ձեռնպահ մնալու Լեռնային Ղարաբաղի հայերու անվտանգութիւնը անոնց դէմ իբրեւ զէնք կիրառելէ եւ անվերապահօրէն վերացնելու շրջափակումը` երաշխաւորելու մարդոց, մեքենաներու եւ բեռերու անխափան երկկողմանի տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով: Մենք նաեւ կոչ կ'ընենք ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդին նշանակելու յատուկ զեկուցող՝ գնահատելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակը»: