image

Ատրպէյճանը կը ճանչնայ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը. Ալիեւ

Ատրպէյճանը կը ճանչնայ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը. Ալիեւ

Ատրպէյճանը կը ճանչնայ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, ուղերձին մէջ յայտարարած է Իլհամ Ալիեւ: Անդրադառնալով ԼՂ դէմ յարձակման՝ Ալիեւ յայտարարած է, որ եթէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վար չդնէին զէնքերը, Ատրպէյճանը «կ'երթար մինչեւ վերջ»:

Ատրպէյճանի նախագահը նշած է՝ ատրպէյճանական կողմը եւս ունի զոհեր եւ վիրաւորներ։ Անոր խօսքով՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինտեխնիկայի եւ զէնքերու յանձնման գործընթացն արդէն սկսած է: Ալիեւ նշած է, որ Եվլախի մէջ կայանալիք հանդիպման Ատրպէյճանը հայկական կողմի ներկայացուցիչներուն պիտի փոխանցէ վերահամարկման վերաբերեալ իր տեսակէտները, եւ Ղարաբաղի հայերու բոլոր իրաւունքները պիտի ապահովուին:

Ալիեւի խօսքով՝ հայ ժողովուրդը իրենք երբեք չեն մեղադրած, մեղադրած են միայն ղեկավարները եւ կը պատրաստուին անոնց պատասխանատւութեան ենթարկել։