Հոկտեմբեր 10-ին՝ ժամը 22:10-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերու ուղղութեամբ: Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի քարտուղար Արամ Թորոսեանը։
«Պատասխան գործողութիւններով հակառակորդի կրակը լռեցուել է: Հայկական կողմից կորուստներ չկան»,–գրած է Թորոսեան: