image

Ատրպէյճանը կրակ բացած է Ճարտարի մէջ գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնող մարդոց ուղղութեամբ

Ատրպէյճանը կրակ բացած է Ճարտարի մէջ գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնող մարդոց ուղղութեամբ

Ատրպէյճանն այսօր կրակ բացած է Արցախի մէջ գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնող քաղաքացիական անձանց ուղղութեամբ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Արցախի ներքին գործոց նախարութեան ոստիկանութիւնը։

«Մարտի 22-ին ոստիկանութեան Մարտունու շրջանային բաժնի հերթապահ մասում հաղորդում է ստացուել, որ առաւօտեան ժամը 09:30-ի սահմաններում Ճարտար քաղաքի բնակիչներ Հ. Յարութիւնեանը, Ա. Ղահրամանեանը, Մ. Ջիւանեանը, Գ. Ղուկասեանը, Կ. Դաւթեանը, Ա. Ադամեանը եւ Դ. Դաւթեանը Ճարտար քաղաքի վարչական տարածքում գտնուող «Կլազին ձոր» կոչուող տեղամասում գտնուող խաղողայգիներում գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարելիս յայտնուել են ադրբեջանական զինուժի կողմից արձակուած կրակի թիրախում»,–ըսուած է հաղոդրագրութեան մէջ:

Խաղողայգիներուն յարակից ատրպէյճանական մարտական դիրքերէն, քաղաքացիական անձանց ուղղութեամբ հրաձգային տարբեր զինատեսակներով անկանոն կրակ բացուած է, որու հետեւանքով դադրեցուած է գիւղատնտեսական աշխատանքները:

Տեղեկութիւնը հաղորդուած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին: