image

Ատրպէյճանը հրապարակած է 19 սեպտեմբերի յարձակման հետեւանքով զոհերու թիւը

Ատրպէյճանը հրապարակած է 19 սեպտեմբերի յարձակման հետեւանքով զոհերու թիւը

Ատրպէյճանը սեպտեմբեր 19-ին Արցախի դէմ ռազմական յարձակում իրականացնելու հետեւանքով ունի 192 զոհ: Այս մասին յայտնած է երկրի առողջապահութեան նախարարութիւնը։

Այս թիւէն 180-ը Պաշտպանութեան նախարարութեան զինծառայողներ են, 12-ը՝ Ներքին գործոց նախարարութեան, մէկը՝ քաղաքացիական անձ։ 11 անձի ինքնութիւնը կը պարզէ դատաբժշկական փորձաքննութիւնը՝  փորձաքննութիւններէն ետք։

Բացի այդ, վիրաւորուած է 511 զինուորական եւ 1 քաղաքացիական անձ։

Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 19-ին Ատրպէյճանը շփման գիծի ողջ երկայնքով ռազմական յարձակում սկսաւ Արցախի մէջ՝ այն անուանելով «տեղական բնոյթի հակաահաբեկչական միջոցառումներ»՝ իբրեւ թէ «սահմանադրական կարգը վերականգնելու» համար։ Մէկ օր անց ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է հրադադարի մասին, հրադադարի պայմաններու շարքին նախանշուած է, մասնաւորապէս, Պաշտպանութեան բանակի զինաթափումը եւ ծանր տեխնիկայի դուրսբերումն Արցախէն։ Սեպտեմբեր 21-ին Ատրպէյճանի Եւլախ քաղաքին մէջ՝ Ստեփանակերտէն 100 քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք, տեղի ունեցած է Արցախի ներկայացուցիչներու հանդիպումը Ատրպէյճանի պատուիրակութեան հետ։