image

Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւնները կեղծ տեղեկութիւններ կը տարածեն

Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւնները կեղծ տեղեկութիւններ կը տարածեն

Ատրպէյճանական յատուկ ծառայութիւնները Ստեփանակերտ քաղաքի բնակիչները տարհանելու վերաբերեալ կեղծ փաստաթուղթեր կը տարածեն: Այս մասին յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն:

Արցախի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, հետամուտ ըլլալով տեղեկատուական անվտանգութեան ոլորտին մէջ օրէնսդրութեամբ իրեն վերապահուած գործառոյթներու եւ լիազօրութիւններու իրականացման, կ'իրազեկէ, որ ատրպէյճանական յատուկ ծառայութիւնները օգտագործելով Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներու դիմատետրեան էջեր Ստեփանակերտ քաղաքի բնակիչները տարհանելու վերաբերեալ կեղծ փաստաթուղթեր կը տարածեն՝ նպատակ ունենալով խուճապ տարածել բնակչութեան մէջ։

«Կոչ ենք անում չտրուել կեղծ լուրերի եւ պահպանել հանգստութիւն: Արցախի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը լիովին վերահսկում է իրավիճակը հանրապետութեան տարածքում:

Կասկածելի բովանդակութեամբ տեղեկութիւններ ստանալու դէպքում դիմէք Արցախի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պաշտօնական կայքէջին կամ զանգահարէք թէժ գծի հեռախօսահամարներին՝ 047-94-41-26 եւ 41-26»,-գրուած է Արցախի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ: