image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը սպառնայ Արցախին

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը սպառնայ Արցախին

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Հայաստանէն պահանջած է «դադրեցնել զէնքի մատակարարումը Ղարաբաղ»։

«Անգամ մը եւս կը զգուշացնենք, որ Հայաստան պէտք է անյապաղ եւ մէկընդմիշտ դադրեցնէ ռազմական ապրանքներու մատակարարումը Ատրպէյճանի տարածք, ինչպէս նաեւ Հայաստանի զինուած ուժերու անձնակազմի գործուղումն ու փոխարինումը։

Հայաստանի զօրքերը պէտք է ամբողջութեամբ դուրս բերուին մեր երկրի տարածքէն։ Հակառակ պարագային ատրպէյճանական կողմը ստիպուած կ'ըլլայ, օգտագործելով բոլոր հնարաւորութիւնները, անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկել ապօրինի զինուած խմբաւորումները զինաթափելու եւ վնասազերծելու համար»,- ըսուած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։