Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը շարունակէ ապատեղեկատւութիւն տարածել Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղ «ռազմական բեռներու փոխադրման» վերաբերեալ։
Այս անգամ ատրպէյճանական գերատեսչութիւնն ա՛լ աւելի հեռուն գացած է՝ յայտարարելով, որ 7 մարտին ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը օրուան ընթացքին իբր թէ ուղեկցած է «Հայաստանի զինուած ուժերու ռազմական մեքենաներուն եւ հայկական անօրինական զինուած կազմաւորումներուն Խանքենդի-Խալֆալի-Տուրշսու» ցամաքային ճանապարհով»։
Գերատեսչութենէն յայտարարած են, որ Հայաստանէն Ղարաբաղ «ռազմական բեռներու» ուղեկցման փաստը արձանագրուած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու տեխնիկական հսկողութեան միջոցով։
«Անգամ մը եւս կը յայտարարենք, որ Հայաստանի կողմէ զէնքի, զինամթերքի, ականների եւ այլ ռազմական զրահատեսակի մատակարարումը կը հանդիսանայ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան եւ Եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու կոպիտ խախտում եւ Ատրպէյճանի դէմ ռազմական յարձակման քաղաքականութեան շարունակութիւն։ Եթէ այդ գործողութիւններն անյապաղ չդադրեցուին, ատրպէյճանական կողմը հարկադրուած պիտի ըլլայ զանոնք կանխելու համար անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկելու»,-ըսած են Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութենէն։
Յայտարարութեան մէջ կրկին ըսուած է պաշտօնական Պաքուի գիծը «Լաչինով անցնող ճանապարհին Ատրպէյճանի կողմէ համապատասխան անցակէտ ստեղծելու անհրաժեշտութեան մասին»։