Հանդիպած են Ատրպէյճանի եւ Պելառուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Ճէյհուն Պայրամովը եւ Սերկէյ Ալեյնիքը: Պելառուսիոյ ԱԳՆ-էն յայտնած են, որ կողմերը վերահաստատած են երկկողմ համագործակցութեան հետագայ ամրապնդման յանձնառութիւնը:
Նշուած է, որ 2024 թուականի փետրուարին երկու երկիրներու միջեւ ստորագրուած ճանապարհային քարտէզով նախատեսուած են աւելի քան 60 միջոցառումներ, որոնք ուղղուած են տնտեսական համագործակցութեան արդիական ուղղութիւններու զարգացման, ապրանքներու եւ ծառայութիւններու փոխադարձ առեւտուրի ծաւալներու աւելացման:
Բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են նաեւ քաղաքական, առեւտրատնտեսական, մարդասիրական ոլորտներու մէջ պելառուսա-ատրպէյճանական համագործակցութեան, միջազգային հարթակներու վրայ փոխգործակցութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ:
Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակել փոխադարձ աջակցութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններու շրջածիրէն ներս:
Պայրամովն ու Ալեյնիքն ուշադրութիւն դարձուցած են յառաջիկայ բարձրաստիճան հանդիպումներուն եւ փոխադարձ այցերուն: