Ատրպէյճանի դիրքորոշումը յստակ է՝ պէտք է ստեղծուի անկախ Պաղեստին պետութիւն, եւ Արեւելեան Երուսաղէմը պէտք է ըլլայ անոր մայրաքաղաքը։
Ինչպէս հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Եգիպտոսի իր գործընկերոջ հետ համատեղ ասուլիսին։
«Անհրաժեշտ է որքան հնարաւոր է շուտ դադրեցնել Կազայի այսօրուան ողբերգութիւնը, դադրեցնել պատերազմը, եւ բոլոր հարցերը պէտք է լուծուին բանակցութիւններու միջոցով։
Պաքուն կ'աջակցի Գահիրէի ջանքերուն այդ ուղղութիւններով, եւ պէտք է հաշուի առնել եգիպտական կողմի նախաձեռնութիւնները»,- ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը։