image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն Հայաստանը մեղադրած է ստանձնած խոստումներէն ու պարտաւորություններէն «խուսափելու» համար

Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն Հայաստանը մեղադրած է ստանձնած խոստումներէն ու պարտաւորություններէն «խուսափելու» համար

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի՝ 27 յուլիսին լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին՝ յայտարարելով, թէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան տարածքային պահանջներ ներկայացնելէ բացի, Միրզոյեանը անհիմն շահարկումներ ըրած է, որոնք կոպտօրէն կը խեղաթիւրեն բանակցային գործընթացը, ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, ինչպէս նաեւ պատմական փաստերը:

«Հայաստանի կողմէ իրականացուող հակաատրպէյճանական արշաւը, տարբեր միջազգային հարթակներու վրայ ստանձնած խոստումներէն ու պարտաւորութիւններէն խուսափիլը, ներառեալ խաղաղութեան գործընթացի շուրջ բանակցութիւնները եւ միջազգային միջնորդներու ջանքերը զէրոյացնող հռետորաբանութիւնը կ'ապացուցեն, որ Հայաստանը շահագրգռուած չէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հարցով:

Յատկապէս կարեւոր է միջազգային հանրութեան կողմէ համապատասխան գնահատականը Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի յարձակողական հռետորաբանութեան. ան հայազգի բնակիչները վերահամարկելու Ատրպէյճանի ջանքերուն աջակցելու փոխարէն ներկայացուցած է իր սադրիչ եւ անտրամաբանական ցանկութիւններու ցանկը այս ուղղութեամբ։

Այն, որ Հայաստանը, մինչ օրս չկատարելով որեւէ պայմանաւորուածութիւն եւ պարտաւորութիւն, Ատրպէյճանը կը մեղադրէ մտացածին պայմանաւորուածութիւնները հերքելու համար, քայլ է, որու նպատակն է թաքցնել Հայաստանի սեփական հնարաւոր սադրանքները։ Հայաստանի այս ապակառուցողական գործողութիւնները պէտք է դատապարտուին եւ կանխուին միջազգային հանրութեան կողմէ»,- ըսուած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մեկնաբանութեան մէջ։

Յիշեցնենք, որ Միրզոյեանն ըսած էր, որ ՀՀ-ն իրաւասութիւն չունի եւ չի կրնար քննարկել Լեռնային Ղարաբաղ բեռեր տեղափոխելու այլ ճանապարհներու հետ կապուած հարցեր: