image

Ատրպէյճանէն կազ գնելու մէջ Գերմանիա խնդիր չի տեսներ

Ատրպէյճանէն կազ գնելու մէջ Գերմանիա խնդիր չի տեսներ

Գերմանիան հակասութիւններ չի տեսներ Ատրպէյճանէն կազ գնելու Եւրոմիութեան ծրագրերուն մէջ, հակառակ անոր, որ այն կրնայ ռուսական ծագման ըլլալ, լրագրողներուն ըսած են Գերմանիոյ տնտեսութեան նախարարութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչները, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի»ն։

«Կազփրոմ»ը 15 նոյեմբերէն վերսկսած է կազի մատակարարումը Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Պետական նաւթային ընկերութեան (SOCAR) հետ նոր պայմանագրով, մատակարարումներու ծաւալը մինչեւ 2023 թուականի մարտ ժամանակահատուածը պիտի կազմէ մինչեւ 1 միլիառ խորանարտ մեթր։

Միեւնոյն ժամանակ, աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ ուժանիւթային ճգնաժամի, ուժանիւթի միջոցներու թանկացման եւ ռուսական կազի մատակարարումներու կրճատման ֆոնին Պրիւքսէլը յուլիսին գործարք կնքած է Պաքուի հետ, որու համաձայն մինչեւ 2027 թուականը Ատրպէյճանէն կազի արտահանումը դէպի ԵՄ երկիրներ պիտի կրկնապատկուի։

«Մենք յստակ յայտարարած ենք, որ կ'ուզենք անկախանալ ռուսական կազի մատակարարումներէն... Այդ թափանցիկ գործընթաց է»,- երկուշաբթի օր կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Գերմանիոյ տնտեսութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը՝ մեկնաբանելով մեծ հաւանականութիւնը, որ ռուսական կազը դեռ կը հոսի դէպի ԵՄ, բայց շրջանցիկ ճանապարհով՝ Ատրպէյճանով։

Նախարարութեան ներկայացուցիչը աւելցուցած է, որ ռուսական կազը Գերմանիա չի մատակարարուիր խողովակաշարերով։ Միաժամանակ, ինչպէս նշած է ան, կարելի չէ բացառել, որ Ատրպէյճանէն ուժանիւթակիրը կրնայ ռուսական ծագում ունենալ։ «Այս պահուն մենք որեւէ պատժամիջոց չունինք ԵՄ ռուսական կազի ներկրման դէմ։ Մենք կը նախատեսէինք անկախանալ ռուսական կազէն։ Եւ փաստացի մենք ռուսական կազ չենք ներկրեր. ԵՄ-ի մէջ ատոր դէմ պատժամիջոցներ չկան, որ կարելի չէ ըսել ածուխի ու նաւթի մասին»,- աւելցուցած է Գերմանիոյ ԱԳՆ ներկայացուցիչը։