image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանեան ուժեր փորձած են յառաջխաղացում կատարել Լիսագորի բարձունքային հատուածով

Ատրպէյճանեան ուժեր փորձած են յառաջխաղացում կատարել Լիսագորի բարձունքային հատուածով

Այսօր առաւօտեան ժամը 9։00-ի սահմաններուն ատրպէյճանական Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումը փորձած է յառաջխաղացում կատարել Ստեփանակերտ-Լիսագոր ճանապարհի յարակից բարձունքներէն մէկու ուղղութեամբ:

Այս մասին յայտնած է Արցախի Պաշտպանութեան բանակը՝ նշելով, որ մարտական հերթապահութիւն իրականացնող Պաշտպանութեան բանակի զինծառայողներու կանխարգելիչ գործողութիւններոս շնորհիւ ատրպէյճանական ստորաբաժանման յառաջխաղացման փորձը կասեցուած է։

Միջադէպի մասին հաղորդուած է Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան։

Ատրպէյճանական կողմը միջադէպի մասին առայժմ չէ հաղորդած: