image

Ատրպէյճանեան ուժեր կրակ բացած են Սարուշէնի ուղղութեամբ

Ատրպէյճանեան ուժեր կրակ բացած են Սարուշէնի ուղղութեամբ

12 օգոստոսի  վաղ առաւօտեան, ատրպէյճանական ստորաբաժանումները կրակ բացած են Արցախի կապի ենթակառուցուածքի սարքաւորումներու, իսկ ժամը 14։15-ի սահմաններուն Սարուշէն համայնքի դաշտերը գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող քաղաքացիական անձերու ուղղութեամբ։ Այս մասին յայտնած է Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

«Հրադադարի խախտման հետեւանքով տուժածներ չկան»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։