image

Ատրպէյճանցիները երկար ժամանակ ապրած են Հայաստանի տարածքին եւ պէտք է այնտեղ այցելելու իրաւունք ունենան. Ալիեւի օգնական

Ատրպէյճանցիները երկար ժամանակ ապրած են Հայաստանի տարածքին եւ պէտք է այնտեղ այցելելու իրաւունք ունենան. Ալիեւի օգնական

Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը գերմանական ZDF հրատարակութեան հետ զրոյցին անդրադարձած է Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութեան, որ «Հայաստանի հարաւային շրջանները ատրպէյճանական են»։ 

«Նախագահն այդպէս չէ ըսած, եւ ես կ՚ափսոսամ, որ այդ սխալ մեկնաբանուած է միջազգային լրատուամիջոցներու մէջ։ Սկզբնական շրջանին ան այլ բան նկատի ունէր։ Ատրպէյճանցիները երկար ժամանակ ապրած են ներկայիս Հայաստանի տարածքին։ Իմ նախնիներն ապրած են Հայաստանի մէջ։ Խօսքը միջանձնային շփումներու մասին է։ Ատրպէյճանցիները նոյնպէս պէտք է իրաւունք ունենան այցելելու այդ տարածք, օրինակ՝ մշակութային վայրեր եւ գերեզմանատուներ։ Սա չի նշանակեր տարածքային պահանջներ Հայաստանի նկատմամբ», -ըսած է Հաճիեւը։