Ուքրանիոյ մէջ Ատրպէյճանի SOCAR նաւթային ընկերութեան կառոյցներուն դէմ Ռուսիոյ հարուածներու լոյսին տակ Պաքու պէտք է վերացնէ Ուքրանիոյ զէնք վաճառելու վրայ դրուած արգելքը։ Նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Ատրպէյճանի խորհրդարանի՝ Միլլի Մեճլիսի պատգամաւոր Ռասիմ Մուսապէքովը։
«Այժմ անոնց լրացուցիչ կոչեր կամ յայտարարութիւններ ընելու կարիք չկայ։ Ես կը կարծեմ, որ մենք կրնանք վերացնել Ուքրանիոյ զէնք վաճառելու վրայ դրուած արգիլանքը, եւ այս քայլը պէտք է ձեռնարկուի։ Մենք պէտք է գործենք՝ անկախ Ռուսիոյ յայտարարութիւններէն։
Հայաստանի հետ պատերազմի ժամանակ առգրաւուած ռուսական զէնքը կրնայ վաճառուիլ Ուքրանիոյ։ Նախիջեւանի մէջ մեր բանակը ամբողջութեամբ անցած է թրքական սպառազինութեան, հետեւաբար հոն բաւարար քանակութեամբ զրահատեխնիկա մնացած է։ Կան «Կրատ» կայանքներ եւ այլ սարքաւորումներ, որոնք այլեւս պահեստաւորման կարիք չունին։ Այս սարքաւորումները կրնան ուղարկուիլ վաճառքի Ուքրանիա։ Ժամանակ մը Ուքրանիան մեզի խորհրդային զէնք կը վաճառէր․ Ատրպէյճանին մատակարարուեցան եւ հրասայլեր, ե՛ւ «ՄԻԿ-29» կործանիչներ։
Ես որեւէ խնդիր չեմ տեսներ, որ Ատրպէյճան իր հերթին զեղչուած գիներով Ուքրանիոյ վաճառէ խորհրդային զէնք, որ մեզի այլեւս պէտք չէ։ Աւելին, այդ միջոցները մեծ հաճոյքով կը վճարեն եւրոպական երկիրները։ Լրացուցիչ բացատրութիւններ պէտք չկան՝ ով կ՚ընդունի, ով չընդունիր, տարբերութիւն չկայ», — ըսած է Մուսապէքովը։