image

Ատրպէյճանցի պատգամաւորները Երեւան ժամանած են. Իշխանական պատգամաւոր

Ատրպէյճանցի պատգամաւորները  Երեւան ժամանած են. Իշխանական պատգամաւոր

Ատրպէյճանցի պատգամաւորները արդէն ժամանած են Հայաստան: Այս մասին յայտնեց ՔՊ-ական պատգամաւոր Մարիա Կարապետեանը:

«Եկել են երկու պատգամաւոր եւ մէկ ուղեկցող: Որքան յիշում եմ մի պատգամաւորն անկուսակցական է, միւսը «Նոր Ատրպէյճան» կառավարող ուժի անդամ է», ըսաւ ան:

Հարցին`  ատրպէյճանցի պատգամաւորներուն հետ շփումներ պիտի ըլլա՞ն, Մարիա Կարապետեան պատասխանեց. «Չեմ տեսել դեռ իրենց: Այն հաստատութենական ձեւաչափերում, որոնցում Հայաստանի պատգամաւորները շփւում են բոլոր երկրների պատգամաւորների, այդ թւում` Ատրպէյճանի պատգամաւորների հետ, երբ մեկնում են գործուղումների, նման ձեւաչափով հաստատութենական ներկայութիւն, բնականաբար, այս անգամ եւս լինելու է: Անհնար է ակնկալել հակառակը»:

Յիշեցնենք, որ Փետրուար 21-22-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենան Եւրոնեսթ խորհրդարանական վեհաժողովի գրասենեակի եւ յանձնաժողովներու նիստերը, որոնց պիտի մասնակցին Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու խորհրդարաններու եւ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներ: Կը ծրագրուի Եւրոպական խորհրդարանի, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի, Ուքրանիոյ, Վրաստանի խորհրդարաններու պատգամաւորներու այցը Երեւան: