Իրաւապաշպան, մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան ատրպէյճանական ինսթիթութի ղեկավար՝ Ահմատ Շահիտով թուիթըրեան իր միքրոպլոկին վրայ գրած է.
«Հայաստանի հետ նոր պատերազմը անխուսափելի է… Այս անգամ պատերազմը կ'ընթանայ Հայաստանի տարածքին վրայ … Ատրպէյճանը ինք իրեն համար պարտաւոր է ստեղծել 20-30 քիլոմեթրնոց անվտանգութեան գօտի, որ կարող է գտնուիլ միայն Հայաստանի տարածքին վրայ»։