image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանցի երկրորդ զինուորը յայտնաբերուեցաւ գիւղացիներուն կողմէ եւ ձերբակալուեցաւ

Ատրպէյճանցի երկրորդ զինուորը յայտնաբերուեցաւ գիւղացիներուն կողմէ եւ ձերբակալուեցաւ

Ապրիլ 13-ին ՀՀ տարածքին մէջ յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած է ատրպէյճանցի երկրորդ զինծառայողը: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութենէն:

NEWS.am-ի տեղեկութիւններով՝ Հայաստանի սահմանը 3 օր առաջ հատած ատրպէյճանցիին յայտնաբերած են քաղաքացիները:

Ըստ կայքին, ատրպէյճանցին յայտնաբերուած է Սիւնիքի մարզի Աճանան գիւղէն 3 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող այսպէս կոչուած՝ «խոզանոցի» տարածքին մէջ:

Յիշեցնենք, որ Պաշտպանութեան Նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ ապրիլ 10-ին՝ ժամը 01:00-02:00-ն ինկած ժամանակահատուածին, ՀՀ տարածքին մէջ յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած է Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու զինծառայող: Անոր հետ եղած է եւս մէկ զինծառայող, որուն որոնելու աշխատանքները 3 օր է՝ կը շարունակուէին։