image

Ատրպէյճանական Զինուժը գնդակոծած է «Շանթ» հեռուստաընկերութեան ինքնաշարժը

Ատրպէյճանական Զինուժը գնդակոծած է «Շանթ» հեռուստաընկերութեան ինքնաշարժը

Արցախի եւ Ատրպէյճանի սահմանագծի հիւսիսային հատուածին վրայ, 10 մայիսին` ժամը 18-­ի սահմաններուն, գնդակոծութեան ենթարկուած է «Շանթ» հեռուստաընկերութեան «Դիրքերում» հաղորդաշարի նկարահանող խումբը:

Վկայակոչելով Շանթ հեռուստաընկերութեան «Հորիզոն» լրատուական թողարկումը՝ Armenpress.am-ը կը յայտնէ, թէ հակառակորդը՝ հրաձգային խոշոր տրամաչափի զէնքերով՝ գնդակոծած է նկարահանող խումբին ինքնաշարժը: Վիրաւորուած է հաղորդաշարի գործարկու Դաւիթ Աթոյեանը: