image

Ատրպէյճան յոյս ունի Արարատի եւ Տաւուշի մարզէն 7 գիւղ ստանալ

Ատրպէյճան յոյս ունի  Արարատի եւ Տաւուշի մարզէն   7 գիւղ ստանալ

Պրիւքսէլեան հանդիպման արդիւնքներով հայկական կողմը խաղաղութեան համաձայնագրի եւ սահմանազատման գործընթացի համար համաձայնութիւն տուած է: Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Խալաֆ Խալաֆովը:

Ան նշած է, որ խաղաղ բանակցութիւնները պիտի կայանան Ատրպէյճանի 5 կէտէ բաղկացած առաջարկներու հիման վրայ:

Ան անդրադարձել է Ղազախի շրջանի 7 գիւղերու (Տաւուշի շրջանի համայնքներ) եւ Տիգրանաշէնի «վերադարձ»ի հարցին` նշելով, որ գործընթացը պիտի իրականացուի սահմանազատման գործընթացի պահանջներուն համապատասխան:

«Այդ տարածքները Ատրպէյճանին վերադարձնելու հետ կապուած հարցը պիտի լուծուի ընթացող բանակցութիւններու արդիւնքով: Հայաստանը երբեք չի կրնար յայտարարել, որ այդ տարածքները Ատրպէյճանի տարածքը չեն: Քանի որ այդ տարածքներուն «վերադարձը» Ատրպէյճանին կը պահանջէ սահմանազատման գործընթաց, հարցը պիտի դիտարկուի այս շրջանակին մէջ: Պիտի քննարկուի Ատրպէյճանին այդ տարածքներու «վերադարձը» եւ լուծում պիտի գտնուի», ըսած է Խալաֆով: