image

Ատրպէյճան-Թուրքիա միացեալ ռազմավարժութիւններ

Ատրպէյճան-Թուրքիա միացեալ ռազմավարժութիւններ

Սկսած են Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ռազմական անձնակազմերու մասնակցութեամբ կապի զօրքերու համատեղ մարտավարական եւ յատուկ զօրավարժութիւնները: Այս մասին գրած է minval.az կայքը` յղում տալով Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան:

Զօրավարժութիւններու ընթացքին մարտական պատրաստութեան առաքելութիւններ կատարելու վայրեր տեղափոխուած ռազմական կապաւորները պիտի մշակեն հաղորդակցման միասնական համակարգի կազմակերպման խնդիրները:

Ժամանակակից կապի միջոցներու եւ ինքնաշխատացուած կառավարման համակարգերու միջոցով կայացող զօրավարժութիւններու ընթացքին կ'իրականացուին զօրքերու փոխգործակցութեան կազմակերպման, դաշտային հրամանատարական կէտերու տեղակայման եւ այլ գործողութիւններ: