image

Ատրպէյճան Սումկայիթի մէջ Bayraktar ԱԹՍ-ներ պիտի արտադրէ

Ատրպէյճան Սումկայիթի մէջ Bayraktar ԱԹՍ-ներ պիտի արտադրէ

Bayraktar Teknoloji Azərbaycan-ը ստացած է Սումկայիթի քիմիական-արդիւնաբերական պուրակի տարաբնակիչի կարգավիճակ:Արդիւնաբերական պուրակի տարածքին մէջ ընկերութիւնը պիտի իրականացնէ «Անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութեան» նախագիծը։

Նշենք, որ 2023 թուականին Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ թրքական «Պայքար» ընկերութեան միջեւ ստորագրուած մտադրութիւններու արձանագրութիւնը կը նախատեսէ համագործակցութիւն Ատրպէյճանի մէջ անօդաչու թռչող սարքերու համատեղ արտադրութեան կազմակերպման հարցով։

Թրքական արտադրութեան Bayraktar անօդաչուներն Ատրպէյճանի կողմէ լայնօրէն կիրառուած են 2020-ին Արցախեան պատերազմի ընթացքին: