Մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ Արցախին եւ հայ ժողովուրդին, եւ ջանք պիտի չխնայենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 1915 թուականի կրկնութիւնը նոյն ձեռագրով թոյլ չտալու համար։ Այս մասին NEWS.am-ին տուած բացառիկ հարցազրոյցին ըսած է Վալանսի քաղաքապետ Նիքոլա Տարակոնը։
Ան վերջինս մշտապէս իր աջակցութիւնը յայտնած է հայ ժողովուրդին, իսկ 2018թ․ Ստեփանակերտի եւ Ֆրանսայի Վալանս քաղաքի միջեւ բարեկամական կապերու խորացման նպատակով այցելած է Արցախ։ Ֆրանսայի Վալանս քաղաքը եւ Ստեփանակերտը ժամանակին հռչակուած են քոյր քաղաքներ, որուն Ատրպէյճանը մշտապէս դէմ արտայայտուած է:
Հարցազրոյցն ամբողջութեամբ՝ կը ներկայացնենք ստորեւ։
-Պարոն Դարագոն, որպէս Ստեփանակերտի հետ բարեկամական կապեր ունեցող քաղաքի քաղաքապետ, հետաքրքրւու՞մ էք Արցախի շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներով։ Ըստ ձեզ՝ Արցախի լիակատար շրջափակման եւ Ադրբեջանի կողմից իրականացուող էթնիկ զտման քաղաքականութեան պայմաններում արդեօք համարժէ՞ք է միջազգային հանրութեան ներկայիս կեցուածքը։
Ի հարկէ, մենք կը հետեւինք իրավիճակին տխրութեամբ եւ տագնապով։ Հակառակ միջազգային կառոյցներու անգործութեան, որոշ կազմակերպութիւններ եւ առանձին գործիչներ նախաձեռնութիւն կը ցուցաբերեն, ինչպէս օրինակ Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը՝ անցած տարուան հոկտեմբերին, երբ կողմերու միջեւ հանդիպում կազմակերպեց։ Բայց սա բաւարար չէ։
-Ադրբեջանը շարունակում է արհամարհել միջազգային կառոյցներին՝ անտեսելով նաեւ Ֆրանսայի Սենատի բանաձեւն ու մարդկանց ազատ տեղաշարժն ու ապրանքների մատակարարումը Լաչինի միջանցքի երկայնքով վերականգնելուն ուղղուած կոչերը։ Արդեօք ժամանակը չէ՞ աւելի կոշտ քայլերի։
Մենք ապրիլին դիտարկումներ իրականացնելու նպատակով Օվերն-Ռոն-Ալպեր շրջանային խորհուրդի նախագահ Լորան Վոքիեսի հետ այցելեցինք Լաչինի միջանցք, սակայն ռուսական կողմը այդ հանգամանքը շատ վատ ընդունեց։ Անոնք կեդրոնացած են ուքրանական պատերազմի վրայ, ատոր համար մենք այլեւս չենք կրնար երկխօսութիւն ունենալ անոնց հետ։ Փաստացի, այսօր անոնք իրենց վրայ չեն վերցներ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութեան ապահովումը։ Ես անձամբ շատ անհանգստացած եմ ստեղծուած իրավիճակով։ Ես կը մտածեմ, որ Ատրպէյճանը կը փորձէ վերցնել Լաչինի միջանցքը՝ Սիւնիքի վրայ չյարձակելու սպառնալիքով։ Ակնյայտօրէն մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ Արցախին եւ հայ ժողովուրդին, եւ ջանք պիտի չխնայենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 1915 թուականի կրկնութիւնը նոյն ձեռագրով թոյլ չտալու համար։