Ատրպէյճանը Հռոմի պապին կը խնդրէ միջնորդի դեր ստանձնել Հայաստանի հետ տարաձայնութիւնները կարգաւորելու հարցին մէջ։
«Ատրպէյճանը յոյս ունի, որ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը միջնորդի դեր կը ստանձնէ Հայաստանի հետ տարաձայնութիւնները յաղթահարելու հարցին մէջ», յայտնած է Վատիկանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Ռահման Մուսթաֆաեւը։
Ատրպէյճանցի դիւանագէտին խօսքով՝ առաջարկը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ Սուրբ Աթոռը «լաւ յարաբերութիւններ ունի» թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի հետ։ Դեսպան Մուսթաֆաեւի կարծիքով՝ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդը «հետաքրքրուած է»։