image

Ատրպէյճան «կը ցուցադրէ» հերոսական Արցախի զէնքերը (Լուսանկարներ)

Ատրպէյճան «կը ցուցադրէ» հերոսական Արցախի զէնքերը (Լուսանկարներ)

Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը ներկայացուցած են Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի կողմէ յանձնուած զէնքերը: Յայտնած է «Ռիա Նովոսթին»:

Անոնց շարքին են Т-72 հրասայլեր, «ՕՍԱ» զենիթահրթիռային համալիրներ, հակաթանկային նռնականետեր, հակաթանկային հրթիռներ, ականանետեր, դիւրակիր զենիթահրթիռային համակարգեր, ծանր գնդացիրներ, ԲՄՊ-2 հետեւակի մարտական մեքենաներ, բեռնատար եւ մարդատար ամենագնացներ:

Յիշեցնենք, որ ռուս զինծառայողներու վերահսկողութեան ներքեւ սկսած է Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան Բանակի ստորաբաժանումներու զէնք-զինամթերքի յանձնումը։