image

Ատրպէյճան խախտեց հրադադարը. Ռուսաց ՊՆ

Ատրպէյճան խախտեց հրադադարը. Ռուսաց ՊՆ

Ռուսաստանի Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած է ատրպեճանական ԶՈՒ-ի կողմէ կրակի դադարեցման ռեժիմի խախտման մասին:

«Վերջին մէկ օրուան ընթացքին արձանագրուած է հրադադարի ռեժիմի մէկ խախտում: 2021 թուականի 11 Օգոստոսին, ժամը 7։29-ին եւ 7։58-ին Ատրպէյճանի զինուած ուժերը  երկու հարուած հասցուցած են Լեռնային Ղարաբաղի զինուած կազմաւորումներու դիրքերուն: Տուժածներ չկան:

Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը միջոցներ ձեռնարկած է՝ իրավիճակի հետագայ սրացում թոյլ չտալու համար: Կը կատարուի հետաքննութիւն»,-ըսուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: