«Արմէնփրէս»ը կը տեղեկացնէ, որ, ըստ ատրպէյճանական աղբիւրներու, Կարմիր Խաչին միջոցով Պաքու 23 Սեպտեմբերին, Երեւանին յանձնեց եւս վեց զինուորներու դիակներ: Կարմիր Խաչի հայաստանեան պատուիրակութիւնը հաստատեց այս տեղեկութիւնը:
20 Սեպտեմբերին, Կարմիր Խաչին միջոցով հայկական կողմին փոխանցուեցան 95 զինուորականներու դիակներ: