image

Ատրպէյճան գիշերը կրակած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ․ ՀՀ ՊՆ

Ատրպէյճան գիշերը կրակած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ․ ՀՀ ՊՆ

Հոկտեմբեր 12-ին՝ ժամը 00:20-ին, Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ:

ՀՀ Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումներու պատասխան գործողութիւններով հակառակորդի կրակը լռեցուած է:

Հայկական կողմը կորուստներ չունի:

Այս պահի դրութեամբ իրավիճակը յարաբերականօրէն կայուն է: