image

Ատրպէյճան դարձեալ կրակ բացած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ

Ատրպէյճան դարձեալ կրակ բացած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ

14 Հոկտեմբերին՝ ժամը 01:30-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ ՀՀ Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները դիմած են պատասխան գործողութիւններու եւ լռեցուցած են հակառակորդի կրակը:

Միեւնոյն ժամանակ, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնն ապատեղեկատւութիւն տարածած է՝ յայտնելով, թէ իբր ՀՀ Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են:

Այս պահու դրութեամբ իրավիճակը յարաբերականօրէն կայուն է: