image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճան չէ հրաւիրուած G20-ի գագաթին. Պաքու կը ստէ

Ատրպէյճան չէ հրաւիրուած G20-ի գագաթին. Պաքու կը ստէ

 

Ատրպէյճանական «Report» լրատուական գործակալութիւնը հերթական կեղծիքը տարածած է, այս անգամ` Իտալիոյ անունով, նշելով, թէ Իտալիան Ատրպէյճանին հրաւիրած է Հռոմ, մասնակցելու G20 գագաթնաժողովին: «Արմէնփրէս»-ի հարցմանն ի պատասխան Հայաստանի մէջ Իտալիոյ դեսպանութեան գործերու  ժամանակաւոր հաւատարմատար Ճիովաննի Նիքոլա Տիոնիսին յայտնած է, որ լուրը անհիմն է:
 «Լուրերը թէ Իտալիան Ատրպէյճանը հրաւիրած է ներկայ գտնուելու G20 գագաթնաժողովին, անհիմն են, եւ որեւէ այլ կերպ այդ տեղեկութիւնները չեն տարածուած կամ հաստատուած»,- յայտնած են դեսպանութենէն:

G20-ի այս տարուան գագաթնաժողովը պիտի կայանայ 30-31 հոկտեմբերին: 

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցի վերաբերեալ Իտալիոյ դիրքորոշման, դեսպանութենէն յայտնած են, որ այն յստակ է եւ կշռադատուած ու ներկայացուած է Իտալիոյ Արտաքին գործերու եւ միջազգային համագործակցութեան նախարարութեան 11 նոյեմբեր 2020-ի պաշտօնական յայտարարութեան մէջ:

«Իտալիան կ'ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կրակի դադարեցման վերաբերեալ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ եռակողմ յայտարարութիւնը եւ յոյսով է, որ այն ամբողջութեամբ կը պահպանուի: Մենք նաեւ ի գիտութիւն կ'ընդունինք կողմերու միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները՝ յոյսով, որ անոնք նոր ուղի կը բանան տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան հաստատման եւ իրավիճակի կայունացման համար»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ: Իտալիոյ ԱԳՆ-ն նաեւ նշած է, որ, որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի անդամ երկիր, իր լիակատար աջակցութիւնը կը յայտնէ համանախագահ երկիրներուն: