image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճան բերուած սուրիացի վարձկանները դժգոհ են. Անոնք գումար չեն ստացած

Ատրպէյճան բերուած սուրիացի վարձկանները դժգոհ են. Անոնք գումար չեն ստացած

Արաբական ընկերային ցանցերով տեսանիւթ յայտնուած է, ուր Անգարայի եւ Պաքուի կողմէ վարձուած սուրիացի զինեալները կը բողոքեն, որ չեն ստացած Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմին մասնակցելու համար խոստացուած գումարները: Այս մասին տեղեկացուցած է Wargonzo-ի թելեկրամեան ալիքը:

Զինեալներէն մէկը յայտարարած է, որ իրենց հրամանատարները հաշուի չեն նստիր ռազմական գործողութիւններու մասնակիցներուն, վիրաւորներուն եւ զոհուածներու ընտանիքներուն հետ:

«Մենք կռուած ենք Ղարաբաղի մէջ թրքական պետութեան եւ անոնց ժողովուրդի հետ միասին: Մենք սպաննուածներ եւ վիրաւորներ ունինք: Սուլթան Սուլէյման շահի 16-րդ բաժինը չէ կատարած իր պարտաւորութիւնները մեր մարտիկներու նկատմամբ, աշխատավարձ չէ տուած, ոչինչ վճարած է վիրաւորներուն ու զոհուածներու ընտանիքներուն: Մեզմէ շատերը սոված կը մնան: Այդպէս պէտք չէ ըլլար»,- ըսած է տեսանիւթով Ատրպէյճանի կողմէ Ղարաբաղի մարտական գործողութիւններուն մասնակիցներէն մէկը:

Ըստ Wargonzo-ի տուեալներուն՝ տեսանիւթը հաւանաբար նկարահանուած է Սուրիոյ հիւսիսային կողմը, ժամկէտները յայտնի չեն: