image
Հրատապ լուրեր:

Ատհայի տօնին առթիւ Լիբանանի Միւֆթին շեշտած է «Պարտաւոր ենք նախագահ ընտրել»

Ատհայի տօնին առթիւ Լիբանանի Միւֆթին  շեշտած է «Պարտաւոր ենք նախագահ ընտրել»

Ատհայի տօնին առիթով հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան 26 յունիսին Մեքքայէն իր բարեմաղթութիւններն ու շնորհաւորութիւնները յղեց լիբանանցիներուն:

Միւֆթի Տըրիան կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն գործակցելու, համախոհութիւն գոյացնելու եւ տարածելու ներողամտութեան, սիրոյ ու խտրութեան վերջ դնելու ոգին, որպէսզի կարելի ըլլայ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել:

«Եթէ հայրենիքին շահերը պաշտպանող հանրապետութեան նախագահ չընտրուի, ապա հայրենիք չենք ունենար», ըսաւ ան:

Միւֆթի Տըրիան ընդգծեց, որ իրենք պէտք է ձայն բարձրացնեն եւ լիբանանցի պատասխանատուներուն կոչ ուղղեն համաձայնելու, խնայելու Լիբանանն ու լիբանանցիները, ինչպէս նաեւ յանձնառու մնալու երկրին սահմանադրութեան եւ Թաէֆի համաձայնագիրի գործադրութեան:

Այս շրջագիծին մէջ, միւֆթի Տըրիան բարձր գնահատեց Սէուտական Արաբիոյ եւ Լիբանանի բարեկամ երկիրներուն ճիգերը, որոնք կը կատարուին իր կայունութիւնը եւ միասնականութիւնը պաշտպանելու նպատակով Լիբանանին օժանդակելու համար, յատկապէս երկրին դիմագրաւած ծանր պայմաններուն ընթացքին:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն