Լիբանանցի յայտնի գործարար Լիբանանի արդիւնաբերողներու միութեան նախագահ, եւ Gardenia Grain D'Or ընկերութեան տնօրէն՝ Նիքոլա Ապու Ֆայսալ գրած է լիբանանցի Մայա Զըղպիի Երեւան հաստատուելու պատմութեան մասին։ Մայա, որուն կեանքի ողջ ընթացքին վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է Լիբանանցի հայրը (վերջին տարիներուն մահացած) եւ հայուհի մայրը ՝ Թէրէզա Ագըլեանը։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Alyawmiyah կայքէն:
Ապու Ֆայսալ մասնաւորապէս կը գրէ ՝
«Լիբանանէն մեկնելէն եւ Հայաստան փոխադրուելէն առաջ, «չեմ կարծեր, որ ան գաղթեց, որովհետեւ աղաւնիները չեն գաղթեր», Մայան խօսած է երկինք բարձրացած իր հօր պատկերին հետ լուռ եւ ակնածանքով եւ ըսած. «Գծագրէ ինծի, հայրիկ, երկնքին մէջ իբր աստղ մը, որպէսզի կարենամ մնալ քու սրտիդ մէկ հատիկը, որովհետեւ լուսինը կը պատկանի բոլորին, կը խոստանամ, որ միշտ հպարտ պիտի մնաս ինձմով, գրէ քու տոմարին մէջ «բառ մը», ու վստահ եղիր՛ որ դուստրդ մինչեւ իր կեանքին վերջ պիտի պահէ քու անունը, հայրիկ։
Նաեւ շատ շնորհակալ եմ, որ ինծի պարգեւած ես ամէնէն լաւ կեանքը, որ երբեւիցէ կրնայի ունենալ, ես միշտ պիտի կարօտնամ եւ երբեք պիտի չմոռնամ քեզ. օրերը, ամիսները եւ տարիները կու գան ու կ'երթան, եւ դուն միշտ պիտի գրաւես սրտիս մեծ մասը, մինչեւ նոր հանդիպում»:
Մինչ Մայայի մայրը՝ Թերէզ զբաղած էր գաղթելու համար իրերը հաւաքելով, որ կարծես «ուղտի բեռն» ըլլար, Մայան շարունակած է խօսիլ. «Մենք բոլորս գիտենք, հայրիկ, որ ամէնէն գեղեցիկ պատմութիւնները կը վերջանան բաժանումով, ինչպէս դուն ըրիր: Հակառակ իմ տածած խոր սիրոյն մանկութեան թաղամասիս՝ Մար Զախիա-Աճլաթունին, ստիպուած լքեցի զայն, երբ մեր կեանքի խնայողութենէն բան չմնաց, ազգային արժոյթի արժեզրկումի պատճառով, եւ ես գացի հայերուն երկիրը, ու սրտիս թանաքով գրեցի այն յիշատակները, որոնք ձգեցի ետոս: Մօրս եւ եղբօրս հետ հաստատուեցանք մայրաքաղաք՝ Երեւանի Կլանտէլ Հիլզ թաղամասին մէջ, այս մեր կամքը չէր այլ՝ Աստուծոյ, որպէսզի դուն ալ ապահով զգաս ուր որ ես»:
Մայա նաեւ պատմած է իր վաղ երիտասարդութեան եւ կեանքի ասպարէզին մէջ համոզիչ պայքար մը տանելու վճռականութեան մասին ու այս առումով ալ ըսած՝ «Որեւէ մէկը չի գիտեր իմ ամբողջ պատմութիւնս: 19 տարեկանէս ի վեր միշտ հոգ տարած եմ ընտանիքիս, վտանգներու դիմող աղջիկ եմ, կը ծրագրեմ ու կ'իրագործեմ, ընկերներս զիս կ'անուանեն ընտանիքիս ծրագրող ուղեղը, ընտանիքս ինծի համար առաջնահերթութիւն է: Նոյնիսկ երբ հայրս ողջ էր, ես կ'աշխատէի որպէս ուսուցիչ, որպէսզի խնամէի զինք: Հիմա ալ նոյն ասպարէզին մէջ կ'աշխատիմ, Երեւանի դպրոցներէն առաջարկ ստանալէս ետք: Ունիմ երկու եղբայր, որոնցմէ մէկը արդէն շատոնց մեկնած է Լիբանանէն, ամուսնացած եւ կ'ապրի Սէուտական Արաբիա»
Մայան եզրափակելով կ՚ըսէ,- «Յաճախ տան պատասխանատուութիւնը ես ստանձնած եմ, եւ ստիպուած եղած եմ ինքնորոյն ոգիով պայքարիլ , քանի որ հայրս հիւանդ էր, ան մահացաւ 57 տարեկան հասակին: Ես ամէն ինչի պատրաստ էի զինք ողջ պահելու համար, բայց չկրցայ… Ան մահացաւ երբ ես աշխատանքի մէջ էի... Նոյնիսկ վերջին հրաժեշտ չկրցայ տալ.... Պէտք է արագօրէն հասուննայի... Կեանքս դիւրին չէր... Պէտք էր ամբողջ կեանքիս ընթացքին ամէն ճիգ թափէի, որպէսզի հոգայի իմ եւ ընտանիքիս կարիքները...»։