image

Ասկերանի մէջ հրադադարի խախտում գրանցուած է

Ասկերանի մէջ հրադադարի խախտում գրանցուած է

Ասկերանի շրջանին մէջ հրադադարի ռեժիմի խախտում արձանագրուած է։ Տուժածներ չկան։ Այս մասին ըսուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութեան վերաբերեալ Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութեան 2 մարտի տեղեկատուական տեղեկագրին մէջ։

Այդ փաստով ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերուն հետ ուսումնասիրութիւն կը կատարէ։

Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ առաջադրանքներ իրականացնել Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին։

Երեսուն դիտակէտերուն մէջ ռուս խաղաղապահները իրավիճակի շուրջօրեայ մշտադիտարկում կ'ընեն եւ կը վերահսկեն հրադադարի ռեժիմի պահպանումը։

Ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը կը շարունակէ ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերու հետ Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհով մեքենաներու փոխադրութեան անխոչընդոտ տեղաշարժը վերսկսելու շուրջ բանակցային գործընթացը։

Պարեկութիւն իրականացուած է չորս երթուղիներով՝ Մարտակերտի, Մարտունիի, Շուշիի շրջաններու եւ Լաչինի միջանցքի մէջ։

Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի շարասիւնը մարդասիրական բեռներով ուղեկցուած է Գորիս-Ստեփանակերտ երթուղիով։

Իրականացուած է մարդասիրական արշաւ՝ ցած եկամուտ ունեցող եւ բազմազաւակ ընտանիքներուն սնունդի փաթեթներ բաժնելու համար։

Ռուս խաղաղապահներու անվտանգութիւնն ապահովելու եւ հնարաւոր միջադէպերը կանխելու համար շարունակական փոխգործակցութիւն կը պահպանուի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբներուն հետ։