image

Աշխարհի վրայ կան առնուազն 3 գերտէրութիւններ.Ամերիկացի Զօրավար

Աշխարհի վրայ կան առնուազն 3 գերտէրութիւններ.Ամերիկացի Զօրավար

Ելոյթ ունենալով Պաշտպանութեան ազգային համալսարանէն ներս՝ Միացեալ Նահանգներու Զինուած ուժերու միացեալ շտաբի նախագահ Մարք Միլին ըսած է, որ Պաղ պատերազմէն եւ Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութեան փլուզումէն ետք Միացեալ Նահանգները 10-15 տարի մնացած է աշխարհի մէջ միակ գերտէրութիւնը, իսկ այժմ կարելի է խօսիլ առնուազն երեք գերտէրութեան մասին։ Գրած է НТВ-ն։

«Այժմ աւելի պարզ կը դառնայ, որ մենք իսկապէս բազմաբեւեռ միջազգային միջավայրի մէջ ենք, ուր կայ առնուազն 3 գերտէրութիւն՝ Միացեալ Նահանգները, Չինաստանն ու Ռուսիան»,- ըսած է զօրավարը։

Ան զգուշացուցած է, որ «առաջիկայ քանի մը տասնամեակներու ընթացքին» աշխարհը պիտի բախուի «շատ լուրջ մարտահրաւէրներու եւ ճգնաժամերու»։

Միլին նշած է, որ Ռուսիոյ Դաշնութիւնն այժմ «շատ լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ աշխարհի համար» եւ ընդգծած է, որ գործողութիւնները Չինաստանի, որ կ'ընդլայնէ իր ռազմական ներկայութիւնն այլ երկիրներու եւ տարածաշրջաններու մէջ, «աւելի ու աւելի յարձակողական կը դառնան»։

Բացի այդ, զինուորականը նշած է, որ իրավիճակը աւելի կը բարդանայ անով, որ որոշ երկիրներ կը սկսին աւելի կարեւոր դեր խաղալ իրենց տարածաշրջաններուն մէջ:

Զօրավարը, անուններ չնշելով, ըսած է, որ աւելի ուշ այդ պետութիւնները կրնան սկսիլ յաւակնիլ գերտէրութիւններու կարգավիճակին։