image

Առուշ Առուշանեան կրնայ բանտարկուիլ

Առուշ Առուշանեան կրնայ բանտարկուիլ

Գորիսի համայնքապետ Առուշ Առուշանեան Սիւնիքի մարզի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի 28․03․2022-ի թիւ ՍԴ/0043/01/21 դատավճիռով դատապարտուած է եւ որպէս պատիժ նշանակուած է տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն մէջ ղեկավար պաշտօն գրաւելու իրաւունքէն զրկուիլը՝ 5 տարի ժամկէտով, եւ անոր նկատմամբ պատիժ նշանակուած է տուգանք նուազագոյն աշխատավարձի 700-ապատիկի չափով, նաեւ անոր նկատմամբ պատիժ նշանակուած է ազատազրկում` 1 տարի 3 ամիս ժամկէտով։

Յայտնած են Արդարադատութեան նախարարութենէն։

Յանցանքներու համակցութեամբ՝ նշանակուած պատիժները լրիւ գումարուած են եւ Առուշ Առուշանեանի նկատմամբ վերջնական պատիժ նշանակուած է ազատազրկում 6 ամիս 18 օր ժամկէտով, տուգանք նուազագոյն աշխատավարձի 700-ապատիկի չափով եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն մէջ ղեկավար պաշտօն գրաւելու իրաւունքէն զրկուիլ՝ 5 տարի ժամկէտով։ 

Քրէական օրէնսգրքի 70-րդ յօդուածով սահմանուած կարգով Առուշ Առուշանեանի նկատմամբ ազատազրկման ձեւով նշանակուած պատիժը պայմանականօրէն չէ կիրառուած եւ սահմանուած է փորձաշրջան`1 տարի 6 ամիս ժամկէտով:

Սիւնիքի մարզի առաջին ատեանի ընդհանուր դատարանի այս դատավճիռն օրինական ուժի մէջ մտած է 24․07․2024-ին, եւ փորձաշրջանի ծառայութեան Սիւնիքի մարզային մարմին մուտքագրուած է 14․08․2024-ին։

Առուշ Առուշանեան 19.08.2024-ին ներկայացած է փորձաշրջանի ծառայութեան Սիւնիքի մարզային մարմին եւ սահմանուած կարգով հաշուառուած: Առուշ Առուշանեանը ներկայացուցած է նշանակուած 700․000 ՀՀ դրամ տուգանքի վճարումը փաստող անդորրագիրը, որով փաստացի կատարուած է վերջինիս տուգանք պատժատեսակը։

Շահառու Առուշ Առուշանեան, դատական գործով զրկուած ըլլալով որպէս պատիժ նշանակուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն մէջ ղեկավար պաշտօն գրաւելու իրաւունքէն կը շարունակէ զբաղեցնել Սիւնիքի մարզի Գորիս համայնքի համայնքապետի պաշտօնը:

Ծառայութեան Սիւնիքի մարզային մարմնին կողմէ կազմուած է պատիժէն խուսափելու մասին արձանագրութիւն  եւ միջնորդութիւն ներկայացուած է ՀՀ Սիւնիքի մարզի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարան Առուշ Առուշանեանի նկատմամբ դատավճիռով նշանակուած պատիժը՝ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն մէջ ղեկավար պաշտօն գրաւելու իրաւունքէն զրկուիլը փոխարինելու ազատազրկմամբ, ինչպէս նաեւ ազատազրկման ձեւով պատիժը պայմանականօրէն չկիրառելու վերաբերեալ որոշումը վերացնելու եւ պատիժը կրելու ուղարկելու վերաբերեալ: