image

Ռուսահայ պլոկըր՝ Մարգարեան կրնայ բանտարկուիլ

Ռուսահայ պլոկըր՝ Մարգարեան կրնայ բանտարկուիլ

Պլոկըր Արսէն Մարգարեանին, որուն դէմ քրէական գործ յարուցած են նացիզմի արդարացման համար, ընդհուպ մինչեւ 5 տարուան ազատազրկում կը սպառնայ։ Այս մասին յայտնած է ՌԻԱ Նովոսթին։

Աւելի վաղ Մոսկուայի դատախազութիւնը յայտնած էր, որ պլոկըր Արսէն Մարգարեանի հետ հարցազրոյց-տեսանիւթ բացայայտած է, ուր ան, արդարացնելով ահաբեկչութեան գաղափարախօսութիւնը, Ռուսիոյ մէջ եւ Ռուսիոյ քաղաքացիներուն նկատմամբ անօդաչու թռչող սարքերու կիրառմամբ ահաբեկչական գործունէութիւն իրականացնելու հրապարակային կոչեր հնչեցուցած է։ Իրաւապահ մարմինները յայտնած էին նաեւ, որ պլոկըրին նկատմամբ նախաքննական ստուգում սկսած է:

Աւելի ուշ իրաւապահ մարմինները յայտնած են, որ Մարգարեանի նկատմամբ քրէական գործ յարուցուած է նացիզմի վերահաստատման համար:

Ռուսիոյ քրէական օրէնսգրքի դրոյթներուն համաձայն` առաւելագոյն պատիժը, որ կրնայ սպառնալ պլոկըրին, հինգ տարուան ազատազրկումն է։