image

Արտաշատի մէջ լոյս աշխարհ եկած է «հսկայ» փոքրիկ մը

Արտաշատի մէջ լոյս աշխարհ եկած է «հսկայ» փոքրիկ մը

Արտաշատի բժշկական կեդրոնի ծննդատան մէջ «փոքրիկ հսկայ» մը լոյս աշխարհ եկած է: 4,6 քկ կշիռով եւ 55 սմ հասակով  տղան  ընտանիքի առաջին երեխան է, ծնած է բնական ճանապարհով:

Ծնողները կը բնակին Արտաշատ համայնքի Բերդիկ բնակավայրին մէջ: Փոքրիկը անուանակոչած են մեծ հօր պատուին` Յուսիկ:

«Մեր փորձառու բուժաշխատողների շնորհիւ` ծննդաբերութիւնը յաջող է ընթացել,  մայրն ու երեխան  իրենց լաւ են զգում եւ շուտով  դուրս կը գրուեն հիւանդանոցից», կը յայտնեն բժշկական կեդրոնէն: