ՀՀ նախագահը հրամանագիր ստորագրած է, համաձայն որու՝ Արփինէ Սարգսեանը նշանակուած է Ներքին գործոց նախարար:
«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը՝ համաձայն Սահմանադրութեան 131-րդ յօդուածի, ինչպէս նաեւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքի 5-րդ յօդուածի 1-ին մասի.
Արփինէ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ նշանակել ներքին գործերի նախարար»,-ըսուած է հրամանագրին մէջ:
Աւելի վաղ տեղեկացուցած էինք, որ վարչապետի որոշմամբ Արփինէ Սարգսեանն ազատուած է ներքին գործոց նախարարի տեղակալի պաշտօնէն: