image

ԱրմէնԳրիգորեան Թեհրանի մէջ հանդիպած է իր իրանցի գործընկերոջ

ԱրմէնԳրիգորեան Թեհրանի մէջ հանդիպած է իր իրանցի  գործընկերոջ

ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը 1 հոկտեմբերին Թեհրան կատարած այցի ընթացքին հանդիպած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն Ազգային անվտանգութեան Գերագոյն խոհուրդի քարտուղար Ալի-Աքպար Ահմատիանի հետ:

Յայտնած են Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարի գրասենեակէն։

Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը հանգամանալից ներկայացուցած է վերջին շաբթուան ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականացուած յարձակման մանրամասները՝ որու հետեւանքով տեղի կ'ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան զանգուածային բռնի տեղահանում:

Կողմերը նաեւ քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութիւնը եւ ստեղծուած իրավիճակի հետեւանքները:

Զրուցակիցները կարեւորած են ՀՀ տարածքային ամբողջականութիւնը: Երկուստեք ընդգծուած է երկկողմ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը: