image

Արմէն Փամբուխչեանը պիտի ղեկավարէ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան նախընտրական շտաբը

Արմէն Փամբուխչեանը պիտի ղեկավարէ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»  կուսակցութեան  նախընտրական շտաբը

Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Փամբուխչեանը այլ աշխատանքի անցնելու առաջարկ չէ ստացած, վաղը անոր պաշտօնավարման վերջին օրն է, փրկարար ծառայութիւնը կը գործէ Ներքին գործոց նախարարութեան կազմին մէջ:

Փամբուխչեանը յայտնած է, որ իրեն վստահուած է ղեկավարել Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նախընտրական շտաբը:

«Ներկայ պահին կայ քաղաքական որոշում, որպէսզի ես ղեկավարեմ նախընտրական շտաբը եւ վաղուանից սկսած արդէն նախապատրաստական աշխատանքները պէտք է սկսեմ: Ըստ մեր կատարած աշխատանքների եւ մեր ունեցած տեղեկութիւններով՝ ՔՊԿ-ն ունի բաւականին մեծ ռեյտինգ՝ ի դէմս մեր թեկնածու Տիգրան Աւինեանի»,-ըսած է ՀՀ ԱԻ նախարար Արմէն Փամբուխչեան: