Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Փամբուխչեանը այլ աշխատանքի անցնելու առաջարկ չէ ստացած, վաղը անոր պաշտօնավարման վերջին օրն է, փրկարար ծառայութիւնը կը գործէ Ներքին գործոց նախարարութեան կազմին մէջ:
Փամբուխչեանը յայտնած է, որ իրեն վստահուած է ղեկավարել Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նախընտրական շտաբը:
«Ներկայ պահին կայ քաղաքական որոշում, որպէսզի ես ղեկավարեմ նախընտրական շտաբը եւ վաղուանից սկսած արդէն նախապատրաստական աշխատանքները պէտք է սկսեմ: Ըստ մեր կատարած աշխատանքների եւ մեր ունեցած տեղեկութիւններով՝ ՔՊԿ-ն ունի բաւականին մեծ ռեյտինգ՝ ի դէմս մեր թեկնածու Տիգրան Աւինեանի»,-ըսած է ՀՀ ԱԻ նախարար Արմէն Փամբուխչեան: