image
Հրատապ լուրեր:

Արմէն Գրիգորեանն ու Ապպաս Արաքճին քննարկած են տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցեր

Արմէն Գրիգորեանն ու Ապպաս Արաքճին քննարկած են տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցեր

Թեհրան կատարած այցի ընթացքին ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը հանդիպած է Իրանի ԱԳ նախարար Ապպաս Արաքչիի հետ։ Այս մասին հաղորդած է ISNA-ն։

Գործակալութեան հաղորդմամբ՝ հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցեր։

Նշուած է նաեւ, որ Թեհրան կատարած այցի ընթացքին Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը հանդիպումներ եւ խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան շարք մը այլ պաշտօնեաներու հետ։