Պոլսոյ մէջ ջերմագոյն յարաբերութիւններ կը պահպանեն համայնքի երեք յարանուանութեանց պետերը։
Ուշագրաւ է նաեւ, որ մասնաւորապէս Թուրքիոյ Հայոց Վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն արք. Զէքիեանի պաշտօնավարութիւնէն սկսեալ Կաթողիկէ համայնքը սկսած է ցուցաբերել երեւելի աշխուժութիւն մը, միաժամանակ պահպանելով բարձր մակարդակի յարաբերութիւններ միւս բոլոր համայնքներուն ու մասնաւորապէս հայ յարանուանութեան հետ։
Այս առումով ալ օրերս տեղի ունեցած է հանդիպում Արհի. Տ. Լեւն արք. Զէքիեանին եւ Պոլսոյ հայոց Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Մաշալեան Պատրիարքին միջեւ։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն որ այս առթիւ ալ կը տեղեկագրէ գրելով ՝
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 22 Մարտ 2024, Ուրբաթ, ժամը 16.00-ին, ընդունեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանը, որուն կ՚ընկերանային՝ Գերյ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Գերյ. Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրաթեան, Կաթողիկէ Հայոց Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Գրիգոր Ենալ Սուճու։ Հանդիպման ներկայ եղաւ Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Սիրալիր մթնոլորտին մէջ կայացած այցելութեան ընթացքին երկու հոգեւոր պետեր գաղափարի փոխանակումներ ունեցան Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-ամեակի յիշատակութեանց ծիրէն ներս մշակելի դէպի Հռոմկլայ ուխտագնացութեան կապակցութեամբ։ Նաեւ խորհրդակցեցան տկար ըմբռնողութեան տէր ¤օթիսթիք_ տղոց դաստիարակութեան կապակցութեամբ Գրիգոր Ենալ Սուճուի առաջարկին մասին։ Գերապայծառ Տէրը, ընծայուած հիւրասիրութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց մեր Հոգեւոր Պետին եւ բաժնուեցաւ Պատրիարքարանէն։