image
Հրատապ լուրեր:

Արեւմտեան Ափին Մէջ Հրեաներու Սուրբ՝ «Եուսէֆի Գերեզման»ին Հրկիզումը

Արեւմտեան Ափին Մէջ Հրեաներու Սուրբ՝ «Եուսէֆի Գերեզման»ին Հրկիզումը

Երուսաղէմ-(«Ալ Ժատիտ»- Պէյրութ) Ըստ «Ալ Ժատիտ» կայանին, Պաղեստինցի աքթիւիստներ հրկիզեցին արեւմտեան ափի հիւսիս, Նապլոս քաղաքի մէջ գտնուող հրեաներու սրբատեղի «Եուսուֆի գերեզմանը»,  արգիլելու համար հրեայ  վերաբնակցեալներուն  այցելութիւնը, եւ այնտեղ աղօթելը: Ըստ Պաղեստինեան ապահովական աղբիւրներու, մինչ գրաւուած Արեւմտեան ափի եւ Կազայի մէջ կը պատրաստուին «յեղափոխութեան Ուրբաթ»ին, որու հրաւէրին կոչ ուղղած են Պաղեստինեան միաւորումները, որ ցոյցեր կ'ուզեն կազմակերպել ուրբաթօրեայ աղօթքէն ետք: Աղբիւրները կը տեղեկացնեն թէ տասնեակ աքթիւիստներ խուժած են ուխտատեղի այրող շիշեր եւ նիւթեր գործածելով կրակ վարած, որը պատճառ դարձած էր ուխտատեղիի ներսէն ամբողջովին այրելուն, աւելցնելով որ Նապլոս քաղաքի հրշէջները կրցած են հանգեցնել հրդեհը:Քաղաքական գետնի վրայ ՄԱԿ-ի ապահովութեան   խորհուրդը ժողով պիտի գումարէ քննարկելու բռնութիւնները, որոնց պաղեստինեան կողմէն զոհ եղան 32   անձեր  եւ հարիւրաւոր վիրաւորներ, 7 սպանուած եւ տասնեակ վիրաւորներ իսրայէլեան կողմէ:Ժողովը որու կայացման հրաւէր տուաւ Յորդանան, արաբական պետութիւններէն ապահովականի միակ անդամը, կը սկսի ուրբաթ օր ժամը 15ին. արաբական պետութիւնները Յորդանանի պարտականութիւն տուած էին այս նախաձեռնութեան համար:Հոկտեմբեր ամսուան սկիզբէն ի վեր  Արեւմտեան ափի եւ  Կազայի մէջ արիւնալի  բախումները  կը շարունակուին Պաղեստինցի երիտասարդներուն եւ Իսրայէլի ուժերուն միջեւ, որը երրորդ ժողովրդական, պաղեստինեան ինթիֆատա ի պոթռկումի վախը կը շարժէ:Ոստիկանութիւնը յայտարարեց, թէ քառասուն տարիքը անց մարդոց միայն կ'արտօնէ Ալ Աքսա մզկիթին մէջ աղօթել, «Որեւէ յարձակումի արգելք հանդիսանալու շրջագիծէն ներս»Իսրայէլի վարչապետ, Բենիամին Նաթանիահու վերստին յայտնեց իր պատրաստակամութիւնը Պաղեստինի նախագահ Մահպուտ Ապպասին հետ տեսակցելու, սակայն չդադրեցաւ զայն ամբաստանելէ, թէ բռնութիւնները կը քաջալերէ: «Ժամանակն է, որ Մահմուտ Ապպաս ոչ միայն դադրի բռնութիւնները արդարացնելէ, այլ զանոնք գործադրելու հրաւէր կարդալէ»:Ամերիկայի արտաքին գործերու նախարար Ճոն Քերի եւս նման յայտարարութիւններ ըրաւ: Ան NBCR News գործակալութեան տուած իր տեսակցութեան մէջ ըսաւ «Ապպաս բռնութեան հետ եղաւ, հետեւաբար պէտք է ուժգնօրէն եւ յստակօրէն դատապարտէ բռնութիւնը» եւ շարունակեց «Պէտք չէ հրահրէ նման գործեր, պէտք է դադրեցնէ»: Հաւանական է որ Քերի գալիք օրերուն այդ շրջան ուղղուի: 9 Հոկտեբերին   սկսեալծ  բախումները  տարածուեցան Կազայէն   մինչեւ Արեւմտեան ափ:Հինգշաբթի օր խռովութիւններու ալիքը մասամբ նուազեցաւ, Իսրայէլի զօրքերը տարածուեցան Երուսաղէմի թաղերուն, հրապարակներուն, խաչմերուկներուն վրայ: Հաւանական է որ Կիրակի օր յաւելեալ 300 զինուոր  տարածուին: Նման մեծ թիւով զինուորներ 2002-ին տարածուած էին գրաւեալ հողերուն վրայ, երկրորդ ինթիֆատաի ատեն:Մտահոգութիւնը կը մեծնայ բնակչութեան մօտ, որոնք մեծ քանակութեամբ զէնք կը գնեն: Եոտիհոտ Ահարոնոթ թերթին մէջ լուսանկարներ երեւցան, ուր հրեայ կին մը հանրակառքի մէջ խմորի գլան շալկած է, ուրիշներ կացինի կոթ  կամ գաւազաններ: