image

Արեւելեան Թեմ. Թեմակալ Առաջնորդը ընդունեց Յունաց Առաջնորդը

Արեւելեան Թեմ. Թեմակալ Առաջնորդը ընդունեց Յունաց Առաջնորդը

ԱՄՆ -ի Հայոց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Պարսամեան, Սուրբ Վարդան Մայր տաճարին մէջ ընդունած է  Յունաց Առաջնորդ՝ Էլփիտոֆորոսը։

«Արեւելք» այս մասին վերահասու դարձաւ Թեմիս պաշտօնական էջէն, ուր Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Պարսամեան կը գրէ՝

Հինգշաբթի, 5 Ապրիլին, պատիւը ունեցայ ընդունելու Ամերիկայի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդը, Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Մայր տաճարի շրջափակէն ներս: Նորին Սրբութիւն՝ Արքեպիսկոպոս Էլփիտոֆորոսը իր ներկայութեամբ պատուեց մեզ եւ իր սրտաբուխ մաղթանքները ուղեց հայոց Սուրբ Զատկուան տօնին առիթով։

Այս հանդիպումը ծառայեց, որպէս շեշտակի յիշեցում տիեզերական՝ «Էքիւմէնիքալ» հոգիին մասին, որ կը միաւորէ մեզ՝ կամրջելով մեր տարաձայնութիւնները եւ ուժեղացնելով մէկզմէկու աւանդութիւններու փոխըմբռնումը:Թեմական կեդրոնի ընդունելութեան սենեակին մէջ կայացած հանդիպման ներկայ էին՝ Թեմի Առաջնորդական պատուիրակ՝ Վիգէն եպս. Այքազեանը, Թեմի Առաջնորդական փոխանորդ՝ Տ. Սիմէոն Օտապաշեանը եւ երէց քահանայ՝ Նիքոլաս Ղազարեանը, որ այցելութեան ընթացքին եպիսկոպոս Էլփիտոֆորոսին կ՚ուղեկցէր։