image

Արդէն երրորդ օրն է, որ Ռուսիա կը հարուածէ Խարկովը

Արդէն երրորդ օրն է, որ Ռուսիա կը հարուածէ Խարկովը

Հինգշաբթի գիշերը ռուսական բանակը «Շահետ» տիպի գրոհային անօդաչու թռչող սարքերու միջոցով ռմբակոծած է Խարքով քաղաքը, յայտնած են քաղաքապետ Իկոր Թերեխովը եւ Խարքովի մարզային ռազմական վարչակազմի նախագահ Օլեկ Սինեկուպովը։ Անոնց տուեալներով՝ յարձակման հետեւանքով վիրաւորուած է առնուազն 11 մարդ։ Այս մասին գրած է dw.com-ը:

Թերեխովի խօսքով՝ ռուսական զինուած ուժերը գիշերը Խարքովին 12 հարուած հասցուցած են։ Անօդաչու թռչող սարքերէն մէկը հարուածած է դպրոցի տարածք, միւսը՝ բազմայարկ բնակելի շէնքի բակի մէջ գտնուող մանկապարտէզի խաղահրապարակ։ Բացի այդ, հարուածներ հասցուած են Խարքովի Սալթովսքի շրջանին մէջ գտնուող երկու բնակելի շէնքերու եւ մարզասրահի։

Հրթիռակոծութեան հետեւանքով վիրաւորուած է առնուազն 11 մարդ, այդ շարքին՝ չորս երեխայ, ըսած է քաղաքապետը։ «Հրթիռակոծութեան տակ յայտնուած են բնակելի թաղամասեր, կրթական հաստատութիւններ, մանկապարտէզներ եւ ենթակառուցուածքներ։ Տասնեակ մեքենաներ վնասուած են, դպրոցներու եւ տուներու պատուհաններ կոտրուած են», - թուարկած է Թերեխովը։

Խարքովը չորեքշաբթի գիշեր յարձակման ենթրակուած էր ռուս զինուորականներու կողմէ։ Յունիս 11-ի գիշերը զինուած ուժերը 17 «Շահետ» անօդաչու թռչող սարքերով հարուածած էին Խարքովի երկու շրջաններ՝ Սլոպոտսքոյի եւ Օսնովեանսքի։ Յարձակման հետեւանքով զոհուած էր երեք մարդ, 60-ը՝ վիրաւորուած, վիրաւորներու շարքին կար՝ եօթ երեխայ։

Յունիսին ռուսական զինուորականները քանի մը գիշեր շարունակ ռմբակոծած են Խարքովը։ Յունիս 7-ի գիշերը ռուսական զօրքերը քաղաքը ենթարկած են Ուքրանիա ներխուժման սկիզբէն ի վեր ամենազանգուածային հարուածներուն։ Թերեխովի խօսքով՝ քաղաքի վրայ արձակուած են 48 «Շահետ» գրոհային անօդաչու թռչող սարքեր, երկու հրթիռ եւ չորս կառավարուող օդային առումբ։ Այդ յարձակման ժամանակ զոհուած է վեց մարդ։