image

Արցախը որեւէ նախագծով չէ ճանչցուած Ատրպէյճանի մաս. Իրաւաբան Գէորգ Դանիէլեան

Արցախը որեւէ նախագծով չէ ճանչցուած Ատրպէյճանի մաս. Իրաւաբան Գէորգ Դանիէլեան

Իրականութեան մէջ Արցախի կարգավիճակի առնչութեամբ որեւէ նախագծով Արցախը երբեւէ չէ ճանչցուած Ատրպէյճանի կազմին մէջ: Այս պարունակին մէջ բարդ կամ մեկնաբանութեան կարօտ խնդիր չկայ: Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է Արդարադատութեան նախկին նախարար Գէորգ Դանիէլեանը:

Ան նաեւ նշած է. «Խօսքը բացառապէս վերաբերել է ստատուս քոյին, որի պարագայում Արցախի կարգավիճակն առկախուել է մինչեւ փոխհամաձայնեցուած ընթացակարգով ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ ՀԱՆՐԱՔՈՒԷ ՆԱԽԱՁԵՌՆԵԼԸ, իսկ ստատուս քոն պահպանելը, առանց որեւէ պետութեան կազմում Արցախը ներառելով, թելադրուած է եղել հէնց 1991 թ. դեկտեմբերի 10-ի հանրաքուէի ուժով:

Սա շատ լաւ հասկացել են ադրբեջանցիները, ուստի մշտապէս փորձել են մերժել այդ փաստաթղթերը: Արդէն քանիցս կրկնում եմ, որ տարածքային ամբողջականութիւնը ճանաչուել է բացառապէս այս առանցքային վերապահումով:

Յ.Գ. Մադիրդեան սկզբունքների իրական հեղինակը Վարդան Օսկանեանն է, ով բազմիցս, դեռեւս 2019 թուականից, պատրաստակամութիւն է յայտնել քաղաքական տարաձայնութիւնները մի կողմ դնելով, յանուն համազգային շահերի եւ անվտանգութեան, բարեխղճօրէն բացատրել պատկան մարմիններին այս պարզագոյն հիմնադրոյթը»։